2016-03-17 10:42:00

Ծաղկազարդի Տօնը` մանուկներու օրհնութեան օր


Այս տարի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Ծաղկազարդը` մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի` Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը պիտի տօնէ Մարտ 20-ին:

Օրհնութեամբ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Ծաղկազարդի տօնը տարիներ առաջ հռչակուած է իբրեւ մանուկներու օրհնութեան օր:

Տօնին առիթով այս տարի նոյնպէս հայոց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի մանուկներու օրհնութեան յատուկ արարողութիւն:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, պիտի կատարուին հետեւեալ արարողութիւնները.

Առաւօտեան` ժամը 10:00-ին, Մայր Տաճարի շրջափակէն ներս տեղի պիտի ունենայ Անդաստանի արարողութիւն եւ մանուկներու օրհնութեան յատուկ կարգ,

Ս. Պատարագի աւարտին` ժամը 13:00-ին, Ս. Տրդատի բաց խորանի առջեւ պիտի կատարուի մանուկներու օրհնութիւն:

 Այս առիթով, օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Մայր Աթոռի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը պիտի իրականացնէ «Ծաղկազարդը Մայր Աթոռին մէջ» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս  Հայաստանի տարբեր թեմերէն ֆինանսապէս անապահով շուրջ 300 մանուկներ, որոնցմէ 100-ը` սուրիահայ ընտանիքներէ, Մայր Աթոռին մէջ պիտի մասնակցին Ս. Տրդատի բաց խորանի առջեւ կատարուելիք մանուկներու օրհնութեան:

Էջմիածինի հայորդեաց տան մանուկները ներկայ պիտի գտնուին տօնական համերգին: Այս առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ անոնց պիտի բաշխուին նուէրներ` պատրաստուած Մայր Աթոռի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի եւ «SOAR» բարեգործական կազմակերպութեան միջոցներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.